2009-06-21 14:11:27

Արսի Ս. ժողովրդապետը` սուրբ Ժան-Մարի Վիաննէյ հռչակուած է աշխարհի քահանաներու պաշտպան սուրբը։


Արսի Ս. ժողովրդապետը` սուրբ Ժան-Մարի Վիաննէյ հռչակուած է աշխարհի քահանաներու պաշտպան սուրբը։

Սուրբ Ժան-Մարի Վիաննէյի մահուան 150-րդ տարեդարձին առթիւ, 4 օգոստոս 1859, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը որոշեց 19 Յունիս 2009ին բացումը կատարել քահանայական տարւոյն, սատարելու քահանաներու կատարելութեան , որմէ կախում ունի իրենց առաքելութեան բարերար ազդեցութիւնը։ Յունիս 19, Յիսուսի Ս. Սրտի տօնն է եւ օր քահանային սրբութեան։

Քահանայական տարի պիտի եզրափակուի 19 Յունիս 2010ին։

Նորին Սրբութիւնը սուրբ Ժան-Մարի Վիաննէյ կոչած է ճշմարիտ հովիւի տիպար Քրիստոսի հօտին ի սպաս։ Սուրբ Ժան-Մարի Վիաննէյ կարելի է կոչել նաեւ ''Մեծ Եղբայրը'' աշխարհի բոլոր քահանաներուն։ Քահանայական տարւոյն բնաբանն է. ''Քրիստոսւի հաւատարմութիւնը, քահանայի հաւատարմութիւնը'' Քահանայական տարւոյն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը մտադիր է հռչակել Սուրբ Ժան-Մարի Վիաննէյ պաշտպան սուրբը աշխարհի ժողովրդապետներուն։ Երջանկայիշատակ Պիոս ԺԱ Քահանայապետը խորաններու պատւոյն բարձրացուցած էր 1925ին։ Սուրբին մահուան տարելիցին օրը, Կղերի քահանայապետական ժողովի վարիչը` կարտինալ Գլաուտիօ Հիւմմէս, որպէս քահանայապետական յատուկ նուիրակ, Արսի մէջ հանդիսաւոր պատարագ պիտի մատուցանէ, եւ ապա բացումը պիտի կատարէ սուրբին պրոնզէ արձանին։ Յայտնենք թէ Արսը, որ մաս կը կազմէ ֆրանսայի սրբավայր քաղաքներու ընկերակցութեան, ամէն տարի կ'ընդունի շուրջ կէս միլիոն հաւատացեալ ։ Սուրբ Ժան-Մարի Վիաննէյի կողմէ կառուցուած՝ փոքր եկեղեցւոյ մէջ, կը գտնուին ՜՜սուրբին աճիւնները՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.